AztagFrom the Archives

Պոլսոյ «Թերճիւման» թերթի հրապարակում

Յիսնամեակ 1965 | «Ազդակ»

Share
«Ազդակ», ԼԹ. տարի, թիւ 25, 2 Ապրիլ 1965։
Share

Հատուածներ՝ Ահմետ Գապագճըի՝ թրքական թերթի մը մէջ լոյս տեսած յօդուածէն, որ «Ազդակ» օրաթերթին մէջ տեղ գտած է 2 ապրիլ 1965-ի թիւին մէջ։

Հելլէն գործակալ յոյն կրօնաւորներ եւ կարգ մը արիւնարբու պնդագլուխ մարդիկ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ փորձուեր են թրքութեան դէմ գրգռել թուրքերու անխարդախ բարեկամ հայերը: 24 ապրիլ 1965-ը յիսնամեակն է եղեր թրքահայերու տեղահանութիւններուն, նոյն օրը ցոյցեր պիտի ըլլան եղեր, մեզ «նզովելու» համար: Այժմէն ձեռնարկեր են տգեղ փրոփականտի մը, չորս գոյներով շինծու նկարներ տպագրեր են, Հայաստանի քարտէսը պատրաստեր` Անատոլուին կէսը անոր մէջը առնելով, եւ այս նկարներն ու քարտէսները սկսեր են ղրկել աշխարհի երեւելի անձերուն:

Այս անխոհեմութիւնները, որոնք նպատակ ունին Թուրքիոյ մեր հայ եղբայրները նեղել, ո՛չ միայն անտեղի են, այլեւ ձախողանքի դատապարտուած են: Թուրքիոյ հայերը հազար տարիէ ի վեր միսի եւ եղունգի պէս թուրքերու հետ անբաժան ապրած են, եւ մեր ազգին դրօշին տակ ապրած են հարուստ բարւոք, բարօր եւ երջանիկ: Գալով Սուրիոյ, Լիբանանի, նոյնիսկ Մարսէյի, Փարիզի եւ Ամերիկայի հայերուն, «տարագրութենէն» յիսուն տարի ետք այնքան բարեկամ են թուրքերուն, որ դեռ թրքերէն կը խօսին, եւ երբ թուրք մը տեսնեն, կը յուզուին եւ իրենց աչքերը կը լենան:

Ամէն ողջամիտ մարդ գիտէ, թէ երբեմնի «Հայաստան»-ի ցնորքները պատմութեան անցած են այսօր, Ռուսիոյ, Անգլիոյ, Ֆրանսայի մարիֆեթները եւ միջամտութեան փորձերը դատապարտուած են փճանալու զօրաւոր Թուրքիոյ ուժին առջեւ: Երբ այս է իրականութիւնը, ի՞նչ շահ ունին հրահրել Նոյեան շրջանէն մնացած այս հնաբոյր թշնամութիւնը եւ քանի մը տաքարիւն երիտասարդներ անիրաւաբար թունաւորել եւ գրգռել թրքութեան դէմ: Գիտենք, թէ ամէն ողջամիտ հայ պիտի չուզէ մասնակցիլ այս վտանգաւոր ձեռնարկին, ուր կը տեսնենք քանի մը ծերուկ Դաշնակ արկածախնդիրներու ծամածուռ ժպիտը: Կը յուսանք նաեւ, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ կառավարութիւնները արտօնութիւն պիտի չտան այդ անխորհուրդ ցոյցերուն:

Անատոլուի մէջ թուրքը, հայը եւ յոյնը այսպէս երջանիկ եւ եղբօր պէս կ՛ապրէին, եւ միակ տարբերութիւն մը ունէին` իսլամ թուրք եւ քրիստոնեայ թուրք: Երբ մեր մէջ սպրդեցան ռուս, անգլիական կամ ֆրանսական գործակալներ, այդ անմեղ «քրիստոնեաներն» ալ համոզեցին եւ թշնամի ըրին իրենց հազար տարուան թուրք-իսլամ եղբայրներուն: Զանոնք զինեցին Եւրոպայի կարգ մը տխմար եւ լիրբ հրոսախումբերը, եւ այս իրարանցումին մէջ շատ մը թուրքերու եւ հայերու արիւնը հոսեցաւ:

Այդ հին պատմութիւնները թաղենք պատմութեան անդունդներուն խորը: Մարդկօրէն սիրով եւ եղբայրութեամբ ապրինք իրարու հետ:

Share
Written by
GS Archives

The Geopolitical Spectrum Archives preserves and republishes historical articles, editorials and documents from newspapers and other publications, providing readers with access to primary sources on political, historical and international developments. Original authorship, publication details and dates are credited wherever available.

Leave a comment

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *