Ոգեկոչումը ապրիլեան նահատակներուն ոչ միայն արտայայտութիւնն է հաւատքի` անոնցմէ իւրաքանչիւրին ի ծոց Աստուծոյ, այլ նաեւ արտայայտութիւնն է հաւատքի մեր ցեղին, մեր ազգային ալ տեւականութեան:
Ազգ մը, որ դահիճներ կու տայ, կրնայ ոչնչանալ. բայց ազգ մը, որ նահատակներ կու տայ, որ հանճարներ կու տայ, չի մահանար, չի մեռնիր. փոթորիկը կրնայ անցնիլ, կրնայ ճիւղեր կոտրել, բայց բունը պիտի մնայ. եւ Աստուծոյ օրհնութեամբը եւ ազգին մնացած զաւակներուն ուռճացումովը, միութեամբը պիտի տեւէ, պիտի յարատեւէ, պիտի գրաւէ միշտ ազգերու հոյլին մէջ իր արժանավայել տեղը:
ԿԱՐՏԻՆԱԼ ԱՂԱՋԱՆԵԱՆ
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նախկին կաթողիկոս-պատրիարք


Leave a comment